2015-04-01 10:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Սուրբ Շաբաթը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` ապրիլ մէկին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ անդրադարձ կատարեց Սուրբ Շաբաթուայ մասին։

Վաղը Աւագ Հինգշաբթի է – ըսաւ Սրբազան Հայրը – կէսօրէն ետք, Ոտնլուայի արարողութեամբ սկիզբ կ՛առնէ սուրբ Զատկուայ երրօրեան` Քրիստոսի չարչարանքը, մահն ու Յարութիւնը, ծիսական տարւոյն գագաթնակէտը։

Երրօրեան սկիզբ կ՛առնէ վերջին ընթրիքի յիշատակումով։ Յիսուս, իր չարչարանքներու նախօրեակին, Աստուծոյ յանձնեց իր մարմինն ու իր արիւնը, հացի եւ գինիի կերպարանքի տակ, զանոնք նուիրելով իր աշակերտներուն եւ պատուիրելով այս մէկը ընել իր յիշատակին համար։ Այս ծիսակատարութիւնը կը յիշատակուի ոտնլուայի արարողութեամբ, որուն ընթացքին Յիսուս, խոնարհեցաւ ու ծառայելով իր աշակերտներուն լուաց անոնց ոտքերը։ Այս կը խորհրդանշէ նաեւ Սուրբ Հաղորդութիւնը` որովհետեւ ''Մարդու Որդին չէ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու եւ իր կեանքը իբր փրկանք տալու բազմութեան համար''։

Ուրբաթ օրուայ ծիսակատարութեան ընթացքին  - ըսաւ ապա Քահանայապետը - կը խորհրդածենք Յիսուսի մահուան խորհուրդի մասին եւ պաշտամունք կը կատարենք Խաչին` որուն միջոցաւ կատարուեցաւ փրկագործութիւնը։ 

Դարերու ընթացքին եղան այրեր եւ կիներ, որոնք իրենց վկայութեամբ եւ իրենց կենցաղով ցոլացուցին լիակատար եւ անբիծ այս սիրոյն ճառագայթը։ Ասոնց շարքին կ՛ուզեմ նշել Հայր Անտրէա Սանթորոն, Թուրքիոյ մէջ առաքեալ, որ իր մարտիրոսութենէն մի քանի օր առաջ գրած էր` ''Ես կը բնակիմ այս մարդոց հետ, Յիսուսին առիթ տալով որ ներկայ ըլլայ, Անոր նուիրելով իմ մարմինս....աշխարհի չարիքը պէտք է հանդուրժենք եւ անոր պատճառած ցաւը պէտք է կիսենք, մեր մարմնին վրայ առնելով անոր բեռը, այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս''։  Հայր Սանթորոյի օրինակը եւ անոր նման այլ օրինակներ, մեզի նեցուկ են որպէսզի մեր կեանքը ընծայենք որպէս սիրոյ նուէր մեր եղբայրներուն , Յիսուսի նմանութեամբ - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու անդրադարձաւ Աւագ շաբաթ օրուայ ուր, ըսաւ Ան, Եկեղեցին կը խորհրդածէ Քրիստոսի ''հանգստեան'' մասին, գերեզմանին մէջ, Խաչելութեան յաղթական պայքարի աւարտին։ Աւագ Շաբաթ օրը Եկեղեցին անգամ մը եւս կը նոյնանայ Մարիամին հետ որ եղաւ կատարեալ հաւատացեալ, որ արարչագործութիւնը պատող մթութեան մէջ, Ան մնաց միակը որ վառ պահեց հաւատքի ճրագը, Յուսալով հակառակ ամէն յոյսի` Յիսուսի Յարութեան։
Զատկուայ հսկումի ընթացքին, երբ դարձեալ կը հնչեն ալէլուիաները, մենք կը տօնախմբենք Յարուցեալ Քրիստոսը, պատմութեան եւ տիեզերքի կեդրոնն ու վերջը։ Կը հսկենք լի յոյսով` սպասելով Անոր վերադարձին, երբ Աստուծոյ սիրոյ հուրը կը լուսաւորէ մթագնած գիշերը եւ կը հաղորդէ նոր սկիզբ մը` ցաւին ու մահուան քարը տապալած է եւ տեղ կը թողու յոյսին` Քրիստոս յաղթեց մահուան, ու մենք Անոր հետ։

Որպէս քրիստոնեաներ կանչուած ենք ըլլալու առաւօտեան պահակները­, որ գիտենք հասկնալ Յարութեան նշանները­­, այնպէս ինչպէս ըրին կիներն ու աշակերտները երբ գացին ու Յիսուսի գերեզմանը թափուր գտան։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, այս երեք օրերուն ընթացքին, չի բաւարարուինք Տիրոջ չարչարանքները վերակոչելով, այլ մտնենք խորհուրդին մէջ, մերը ընենք Անոր զգացումները, Անոր վարուելակերպը, որպէսզի մեր Զատիկն ալ դառնայ Սուրբ Զատիկ մը` հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.